2013-01-18 11:41:25

Մոմի Մը Զօրութիւնը Խաւարին Մէջ` Բոլ Ուաթսոն Նախաձեռնողը ''Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթուան''։


Անկլիգան ընտանիքի զաւակ` Բոլ Ուաթսոն ծնած է 16 յունուար 1863-ին, Մերիլանտ նահանգի Միլինկթոն քաղաքին մէջ։ Անոր ծննդեան 150-րդ տարեդարձին առթիւ ամերիկայի ֆրանչիսկեան հայրերը հրապարակած են անոր կենսագրականը, ուր ի յայտ կու գայ որ Բոլ Ուաթսոն ''Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթոայ'' համար ներշնչուած է Յիսուսի վերջին ընթրիքի ընթացքին արտասանած սա աղօթքէն. ''որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան, ինչպէս դուն, Հայր, իմ մէջս ես ու ես քու մէջդ եմ, թող անոնք ալ մեր մէջ ըլլան, որպէսզի աշխարհը հաւատայ որ դուն ղրկեցիր զիս։''
Վառուած մոմը մութ սենեակի մէջ շուտով կը յաղթէ խաւարին եւ երբ այլ մոմ մը կը վառուի շուտով այլ յոյս մը կը ծագի։ Բոլ Ուաթսոն եղաւ այն վառուած մոմը Աստուծոյ միութեան Քրիստոսի մարմնին մէջ որ է Եկեղեցին։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր խօսքին մէջ կը հաստատէ ''խաւարին մէջ վրդոված, միասնաբար աճինք լոյսի մէջ։''
Բոլ Ուաթսոն եղաւ կամուրջներու շինարար, հաշտութեան դեսպան, ճշմարիտ ֆրանչեսկեան մը։ Ան իր կեանքին ընթացքին յատուկ սէր ունէր աղքատին եւ արարչագործութեան հանդէպ, ու անոր սիրտը մասնաւորապէս կը ճմլուէր Միածին Որդի` Քրիստոսի սիրով։
Քրիստոնեաներու միութեան շաբաթուայ այս տարուան խորհրդածութեան նիւթը ներշնչուած է Միքեա մարգարէի մէկ խօսքէն. ''Այն ինչ որ Տէրը մեզմէ կը պահանջէ''։ Շատ յանձնառու նիւթ մը որուն ամէն քրիստոնեայ կանչուած է պատասխան տալու։
Մարգարէն կ'արտասանէ Աստուծոյ կամքը դրսեւորող խօսքեր, այսինքն . ''կիրակել արդարութիւնը, սիրել ողորմութիւնը, պարկեշտութեամբ ընթանալ''։
Բոլ Ուաթսոնի թաղման արարողութեան ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ Տոմենիքեան միաբան հայր Սմիթ ըսաւ. ''մենք կը գտնուինք մարդու մը առջեւ որ մեծ լրջութեամբ ապրեցաւ Աւետարանը, լիովին վստահած աստուածային նախախնամութեան''։








All the contents on this site are copyrighted ©.